Որոնում/search

25.4.14

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ «ՊԱՏԳԱՄԻՆ»

Քիչ առաջ կարդացինք Ապրիլ 24-ի առիթով թուրքիոյ վարչապետին «պատգամը» ուղղուած հայութեան: 

Արդարեւ, պատմական դէպքերու չարափոխութիւնը չի կրնար յաղթահարել պատմութեան անհերքելի ճշմարտութիւնը: Ինչ որ տեղի ունեցաւ 1915 թուականին թուրքիոյ մէջ, պատերազմի հետեւանքով պատահած դէպքեր չէին, պարոն վարչապետ, այլ` ցեղասպանութիւն էր հայ ժողովուրդին դէմ բառին իրաւական ու քաղաքական հասկացողութեամբ. Ցեղասպանութիւն՝ կազմակերպուած ու գործադրուած քու նախահայրերուդ, Թալեաթ Փաշաներու ու էնվերներու կողմէ: 
Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը ցաւակցութիւն ու բարոյախօսութիւն չէ որ կը սպասէ թուրքիոյ պետութենէն, այլ` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու հատուցումը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

No comments:

Post a Comment